Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մենք Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն առնելիք հող եւ հազար ու մէկ իրաւո՛ւնք ունինք, հարիւրամեայ պարտամուրհակնե՛ր ունինք մեր ձեռքին, տալիք բան չունի՛նք. «Ասպարեզ»

Օգոստոս 08,2018 11:30 Share

Մեր հայրենիքին մէջ, նաեւ քիչ մըն ալ դուրսերը, տակաւին կան մտածողներ, թէ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանին զիջումներ ընելով՝ Հայաստան, Արցախ եւ ընդհանրապէս հայերս կրնանք խաղաղ ապրելու երաշխիքներ ձեռք բերել։ Մէկ խօսքով, չեն գիտեր անողոք պատմութիւնը կամ կը փորձեն ուրիշ կողմ նայիլ…

Հազա՛րերորդ անգամ ըլլալով կրկնենք, թէ մենք Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն ԱՌՆԵԼԻՔ ՀՈ՛Ղ եւ հազար ու մէկ իրաւո՛ւնք ունինք, հարիւրամեայ պարտամուրհակնե՛ր ունինք մեր ձեռքին, տալիք բան չունի՛նք։ Եթէ այս ճշմարտութիւնը՝ պատմութենէն եկող եւ արիւնով արձանագրուած ճշմարտութիւնը տակաւին տեղ չէ գտած մեր վերնախաւի կարգ մը իմաստակներուն ուղեղին ու քաղաքական մտածողութեան մէջ, պէտք է լրջօրէն մտահոգուինք, եւ արտաքին ճակատին վրայ մեր դատն ու իրաւունքները հետապնդելու չափ՝ նմաններուն քարոզենք այս իրականութիւնը, յիշեցնենք, որ երթան, լաւ ուսումնասիրեն մեր գոնէ վերջին 100 տարիներու պատմութիւնը, Արցախի Ազատամարտն ու ցարդ շարունակուող պաշտպանական ճակատումները, աչքերը բանան, տեսնեն եւ խոստովանին, որ պատմութիւնը «կեղծ քաթակորիա» չէ։ Զոյաներուն նման մեր պատմութեան ու աշխարհագրութկեան ծանօթ չեղողները կը կանգնին անխուսափելի հրամայականի առջեւ։ Իսկ պատմական ճշմարտութեանց իրազեկ դարձողն ու համոզուողը նաեւ պէտք է անդրադառնայ, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ բանակցելու հայութեան նորովի պատրաստակամութիւնն ալ նորութիւն չէ, անիկա անցեալին յաճախ փորձուած է, մինչեւ իսկ «փրոթոգոլներու քաղաքականութիւն» մը ճամբայ ելած է մօտաւորապէս տասը տարի առաջ, այդ ընթացքին սնանկութեան փաստ ալ մեր գրպանին մէջ ունինք արդէն, հիմա դարձեալ մեր աչքերը բացած ենք, պէտք է նաեւ ուղեղնե՛րը բանանք, որ Անգարայի ու Պաքուի՝ երէկի ու այսօրուան վարիչները բոլորովին տարբեր տրամաբանութիւն ունին, անոնց միտքէն չէ ելած ուժի գործածութիւնը – վկայ՝ Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ ամէնօրեայ ոտնձգութիւնները, անվերջ սպառնալիքները, որոնք միայն լրատուական պատուհաններուն չեն պատկանիր -, ամէն ճիգ կ՛ընեն մոռացութեան մատնելու եւ քողարկելու իրենց ոճրային ու անիրաւ վարմունքը. անոնց բանաւոր արտայայտութիւններն ալ, սպառազինումներու զուգահեռ, կը մատնեն այն դիտաւորութիւնը, թէ Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց դրացնութենէն դուրս նետելու եւ մեր ԲՈԼՈՐ ՀՈՂԵՐՈՒՆ տիրանալու քաղաքականութիւնը մշտարթուն է։

Եթէ բանակցութեան սեղան նստող մեր պաշտօնական ներկայացուցիչները անկեղծօրէն ըսեն մեր ժողովուրդին, որ մեզմէ վեր ուժեր ամէն ձեւով մեզի կ՛ուզեն պարտադրել, թէ Հայաստանը, Արցախն ու հայութիւնը Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն առնելիք չունին, մեր ժողովուրդն ալ կը հասկնայ թէ պէտք է աւելի՛ ուժեղ կերպով կանգնի անոնց կողքին, յայտարարելու՝ որ մեր իրաւունքներէն զիջելու տրամադիր չենք, չի մատնուիր զիջողական-անզիջողի երկընտրանքին դիմաց կանգնելու վիճակին։ Այդպէս չեն ըներ, ու պատճառ կ՛ըլլան անիմաստ երկփեղկումներու, անտեղի ու վնասակար տարակարծութիւններու։ Մինչդեռ մեր ազգային եւ հողային իրաւունքներուն, անվճար մնացած պարտամուրհակներուն նկատմամբ հայութիւնը չի կրնար երկու տեսակէտ ունենալ։ Մեր պահանջատիրութեան մէջ միաձայն են հայութեան բոլոր հատուածները, Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը։ Ցեղասպանութենէն ետք, Սարդարապատի մէջ թէ Արցախի, այս պահանջատիրութիւնը ամրագրած ենք արիւնով ու թանկագին զոհերով։

Ուրեմն, պէտք է վերջ դնենք մենք մեզի հետ «տուն-տուն խաղալու» մանկամիտ մօտեցումին եւ մեր դիւանագիտութիւնն ու քաղաքական կապերը վարենք այնպիսի հասունութեամբ ու տարածքով, որ ո՛չ միայն կարողանանք հակակշռել Պաքու-Անգարա դաւադիր սադրանքները, այլեւ անոնց ու համախոհներուն երեսին զարնենք ճշմարտութիւնը, զանոնք կանգնեցնենք արդարութեան պատին դիմաց, ապա, յառաջ շարժինք՝ մեր հողային եւ ազգային, պատմական իրաւունքներուն տիրացման ճամբուն վրայ։

 
Սարգիս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. Մարինա says:

    Թուրքիայի տարածքից դուրս ապրող սփյուռքահայերին ինչն է՞ խանգարում՝ հաստատվել հայկական պատմական տարածքներում և այնտեղից պայքարել հայկական շահերի համար։ Հեռվից հայրենասիրությունը մի տեսակ չի ընկալվում։

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031