Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, մեր նահատակներու ընտանիքներուն զօրակցութեան լայն արշաւ մը սկսաւ Սփիւռքի մէջ: Մեր շրջանին մէջ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը հանգանակեց եւ նոյնիսկ կազմակերպեց հանգանակուած գումարներու անմիջական յանձնումը նահատակներու ընտանիքներուն։
Գիտենք, թէ որքա՛ն ալ նրբանկատ, որքա՛ն ալ զգայուն կերպով փոխանցուին այս գումարները, ստացողներու արժանապատուութիւնը խոցող տարր մը անպայմա՛ն առկայ է այս գործընթացին մէջ: Ի վերջոյ, բարեգործութեան յատկանիշներ կան նահատակի ընտանիք-գումար փոխանցող յարաբերութեան մէջ։ Կը կրկնենք ու հաստատապէս կրնանք պնդել, թէ մեր երիտասարդները իրենց անմիջական շփումներուն ընթացքին յստակացուցին, որ պարտք ու պարտականութի՛ւն է այն, ինչ կը կատարեն:
Անշուշտ, լաւագոյն լուծումը այս խնդիրին՝ նահատակներու ընտանիքներուն եւ պատերազմի պատճառով հաշմանդամ դարձած զինուորներուն համար պետական միջոցներով արժանապատիւ կեանք մը ապահովելն է: Նկատի ունենալով պիւտճէական սուղ պայմանները՝ հասկնալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք էր դիմէր ստեղծագործ լուծումներու:
Անցեալ Հինգշաբթի օրուան իր նիստին ընթացքին, Հայաստանի կառավարութեան դահլիճը այս հարցին իւրայատուկ լուծում մը տուաւ՝ որոշելով աշխատավարձ ստացող իւրաքանչիւր քաղաքացիէ ամսական հազար դրամ պահել եւ զայն փոխանցել յատուկ հիմնադրամի մը, որ պիտի յանձանձէ գումարներու փոխանցումը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում


















































