Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ա­րամ Ա․ «Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը այ­սօր դար­ձած է ան­յե­տաձ­գե­լի հրամայական»․ «Ա­զատ Օր»

Ապրիլ 05,2023 11:00

Ինչ­պէս ծա­նօթ է մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն, 11-16 ­Մար­տին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի թե­մին։ «Ս­փիւռ­քի Բ. տա­րո­ւան» ա­ռի­թով, ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը ձեռ­նար­կած է հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու բո­լոր թե­մե­րէն ներս, ա­ռա­ջին կա­յա­նը ընտ­րե­լով ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մը։ Իր բազ­մազ­բաղ յայ­տա­գի­րի ըն­թաց­քին, ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը ա­ռի­թը ըն­ծա­յեց խիստ շա­հե­կան եւ կա­րե­ւոր հար­ցազ­րոյց մը տա­լու «Ա­զատ Օր»-ին։ ­Վե­հա­փա­ռը ման­րա­մասն պա­տաս­խա­նեց մեր բո­լոր հար­ցում­նե­րուն, ներ­կա­յաց­նե­լով իր մտա­ծում­նե­րը, խոր­հուրդ­նե­րը եւ գնա­հա­տու­մը գա­ղութ­նե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման, հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­կե­րին առն­չու­թեամբ։

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ո­րո՞նք են գլխա­ւոր պատ­ճառ­նե­րը, ո­րոնք նշա­նա­ւո­րե­ցին սփիւռ­քի երկ­րորդ տա­րուան հռչա­կու­մը:

­Նախ կ­՚ու­զեմ իմ հո­գե­կան գո­հու­նա­կու­թիւնս յայտ­նել, որ ան­գամ մը եւս կը գտնո­ւիմ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մէն ներս. այլ խօս­քով՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ:
Ե­կե­ղե­ցին ժո­ղո­վուրդն է, եւ մեր նուի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է ըլ­լալ մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ, ծա­ռա­յել մեր ժո­ղո­վուր­դին: ­Վա­ւե­րա­կան, հա­րա­զատ ու հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով մեր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է ժո­ղո­վուր­դը ճանչ­նալ, այն­պէս ինչ­պէս որ է ժո­ղո­վուր­դը ճանչ­նալ ա­ւե­լի մօ­տէն, եւ ի­րա­զեկ դառ­նալ ա­նոր կա­րիք­նե­րուն ու տագ­նապ­նե­րուն: ­Հե­տե­ւա­բար, ես ու­րախ եմ, որ ե­կայ այս­տեղ եւ տե­սայ ­Յու­նաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը, ա­ւե­լի մօ­տէն ճանչ­ցայ մեր ժո­ղո­վուր­դին սպա­սում­նե­րը եւ կա­րիք­նե­րը: Այս ան­գամ իմ հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տա­կը սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ծի­րէն ներս, թե­մա­կան կազ­մա­կեր­պումն էր:
Ւն­չո՞ւ սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը: ­Վե­րա­կազ­մա­կեր­պում բա­ռը պէտք է ա­ւե­լի լայն շրջա­գի­ծի մէջ տես­նել: ­Վե­րա­կազ­մա­կեր­պում կը նշա­նա­կէ վե­րա­կա­ռու­ցում, վե­րաշ­խու­ժա­ցում, վե­րա­կեն­սա­ւո­րում, վե­րա­նո­րո­գում եւ փո­փո­խու­թիւն անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին: ­Մեր գա­ղութ­նե­րը սթա­թիք, այ­սինքն ան­փո­փո­խե­լի կա­ռոյց­ներ կամ ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ չեն: ­Յատ­կա­պէս ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ մնա­յուն փո­փո­խու­թեան մէջ կ­՚ապ­րինք: ­Հե­տե­ւա­բար, անհ­րա­ժեշտ է, որ մեր կա­ռոյց­նե­րը, մեր ըմբռ­նում­նե­րը, մեր մօ­տե­ցում­նե­րը մնա­յուն կեր­պով վե­րա­նայ­ման, վե­րաքն­նու­թեան, վե­րար­ժե­ւոր­ման են­թար­կո­ւին:

Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը այ­սօր դար­ձած է ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կան: Երբ սփիւռ­քի մա­սին կը խօ­սինք, հարկ է նկա­տի ու­նե­նանք, որ սփիւռ­քը լայ­նա­տա­րած ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է: Ս­փիւռ­քը այ­սօր, բազ­մա­զան եւ այ­լա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մըն է. սա­կայն ոչ ներ­դաշ­նակ ամ­բող­ջու­թիւն մը:
­Չենք կրնար ներ­կայ սփիւռ­քը իր վի­ճա­կին մէջ ձգել: Այ­սօ­րո­ւան սփիւռ­քը ե­րէ­կո­ւան սփիւռ­քը չէ. վա­ղը կրնայ բո­լո­րո­վին տար­բեր ըլ­լալ: ­Հե­տե­ւա­բար, ա­ռա­ջին հեր­թին սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը արթ­նու­թեան կոչ մըն է: Ս­փիւռ­քը թմբի­րի մէջ է: ­Մեզ շրջա­պա­տող ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու փո­փո­խու­թիւն­նե­րը շատ ա­ւե­լի ա­ռաջ կ­՚ըն­թա­նան, քան թէ սփիւռ­քը: ­Պէտք է արթն­նանք, մեր ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կէն դուրս գանք: ­Չենք կրնար այ­լեւս նեղ շրջա­գի­ծե­րու մէջ ապ­րիլ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, ինչ­պէս ը­սի, այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տա­կը սփիւռ­քը արթնց­նել է: Ս­փիւռ­քի մէջ այն գի­տակ­ցու­թիւ­նը ար­մա­տաց­նել է որ մենք, որ­պէս կա­ռոյց­ներ, որ­պէս գա­ղութ­ներ ու թե­մեր, ան­յե­տաձ­գե­լի կա­րի­քը ու­նինք ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու, այլ խօս­քով, ներ­կայ աշ­խար­հին հետ քայլ պա­հե­լու: ­Մեր մտա­ծում­նե­րը, մօ­տե­ցում­նե­րը, կեն­ցա­ղա­կեր­պը, գոր­ծե­լա­կեր­պը պէտք է դառ­նան հա­մա­հունչ ներ­կայ աշ­խար­հի պայ­ման­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ու­րեմն, այն ժա­մա­նակ կրնանք հարց­նել, թէ ո­րո՞նք են սպա­սում­նե­րը եւ գործ­նա­կան ակն­կա­լիք­նե­րը իւ­րա­քան­չիւր թե­մին հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ­Ձեր ծրագ­րին մէջ:

Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ մեր թե­մե­րը կա­րե­ւոր տեղ եւ դեր ու­նին: Իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ իր թե­մա­կան կա­ռոյ­ցը ու­նի: ­Գա­ղու­թին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար մաս կը կազ­մեն թե­մին, պա­հե­լով հան­դերձ ի­րենց ան­կա­խու­թիւ­նը, ա­մէն ի­մաս­տով: ­Թե­մը պէտք է ըմբռնել ա­ւե­լի լայն շրջա­գի­ծի մէջ: ­Մեր ժո­ղո­վուրդն է թե­մը: ­Ճիշդ այդ իսկ պատ­ճա­ռով, թե­մե­րը սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման մէջ, կեդ­րո­նա­կան դեր ու­նին: Եւ ճիշդ ա­նոր հա­մար, ես ու­զե­ցի մեր թե­մե­րէն սկսիլ: ­Հոս եւս, անհ­րա­ժեշտ է թե­մե­րու վե­րա­կա­ռու­ցու­մը լայն ծի­րի մէջ ըմբռ­նել, կազ­մա­կեր­պել եւ գոր­ծադ­րել: Օ­րի­նա­կի հա­մար, ա­ռա­ջին հեր­թին մեր ծի­սա­կան կեան­քը կա­րիք ու­նի վե­րա­նո­րոգ­ման, մեր հո­գե­ւոր դա­սը եւս կա­րի­քը ու­նի վե­րա­կազ­մա­ւոր­ման: ­Ներ­կայ աշ­խար­հին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը չենք կրնար ան­տե­սել։ ­Ներ­կայ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը բո­լո­րո­վին տար­բեր են, ա­մէն ի­մաս­տով, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր մտայ­նու­թիւն ու­նի: Այս ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը հարկ է կա­րե­ւո­րու­թեամբ նկա­տի ու­նե­նալ։ Ա­հա, թէ ին­չու թե­մի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը կը նկա­տեմ ա­ռաջ­նա­հերթ:

­Մեր թե­մա­կան կա­ռոյց­նե­րը պէտք է ե­րի­տա­սար­դա­նան, մեր կա­ռոյց­նե­րուն մէջ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ու տի­կին­նե­րը ա­ւե­լի գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն պէտք է ստանձ­նեն: Ես մեր թե­մե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ընդ­հա­նուր կեր­պով ուղ­ղու­թիւն տո­ւած եմ թե­մե­րու վե­րա­կա­կազ­մա­կերպ­ման գծով: Այս աշ­խա­տան­քին մէջ բնա­կա­նա­բար ընդ­հա­նուր յայ­տա­րար­ներ կան, ընդ­հա­նուր ուղ­ղու­թիւն մը կայ, միա­ժա­մա­նակ սա­կայն թե­մէ թեմ տար­բեր է: ­Մի­ջա­վայ­րը, ներ­քին դրո­ւած­քը ու սպա­սում­նե­րը տար­բեր են: ­Հե­տե­ւա­բար անհ­րա­ժեշտ է իւ­րա­քան­չիւր թեմ իր մի­ջա­վայ­րին մէջ քննել, ար­ժե­ւո­րել եւ հա­մա­պա­տաս­խան ծրագ­րում մշա­կել, պա­հե­լով հան­դերձ մեր թե­մա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար­նե­րը, սկզբունք­նե­րը ու կա­ռոյց­նե­րը: Օ­րի­նակ, բնա­կա­նա­բար հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սը ա­մէն տեղ նոյ­նը պէտք է ըլ­լայ՝ յար­գե­լով հան­դերձ տե­ղա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։ ­Թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը նկա­տեմ շատ էա­կան եւ ճիշդ ա­նոր հա­մար այս տա­րի պի­տի սկսիմ թե­մե­րու այ­ցե­լու­թիւն տալ, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր թեմ կա­րե­նայ սկսիլ ինք­զին­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու գոր­ծըն­թա­ցին։

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ­Ձեր այս տե­սա­կէտ­նե­րը ա­ռի­թը կու տան հե­տե­ւեալ հար­ցու­մին: ­Մենք ան­շուշտ նկա­տի ու­նինք իւ­րա­քան­չիւր գա­ղու­թի ու թե­մի իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ դուք մատ­նան­շե­ցիք՝ գոր­ծե­լա­կերպ, տար­բեր զգայ­նու­թիւն­ներ: ­Թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը կա­րե­լի՞ է, բա­ցի հա­մազ­գա­յին խնդիր­նե­րէն, որ­պէս մէկ ամ­բող­ջու­թիւն տես­նել, միաս­նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ հա­սա­րա­կած թի­րախ­նե­րու փոխազ­դե­ցու­թեան ստեղ­ծու­մով:

Ինչ­պէս ը­սի, երբ սփիւռ­քը տես­նենք իր ընդ­հան­րու­թեան մէջ, հոն կը տես­նենք մի­ջա­վայ­րա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­ներ, տար­բե­րու­թիւն­ներ, բայց միա­ժա­մա­նակ հա­սա­րա­կաց գի­ծեր: Անհ­րա­ժեշտ է տե­ղա­կան իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը պա­հել, բայց միա­ժա­մա­նակ հա­սա­րա­կաց գի­ծե­րը, ո­րոնք կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րեն ու կ­՚ա­պա­հո­վեն մեր ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, մեր միու­թիւ­նը պէտք է շեշ­տենք: Այ­լա­պէս, թէ՛ գա­ղութ­նե­րը, թէ՛ թե­մե­րը բո­լո­րո­վին ի­րար­մէ ան­ջատ կղզի­նե­րու կրնան վե­րա­ծո­ւիլ: ­Սա վտան­գա­ւոր է: ­Հար­ցին միւս ե­րե­սը, ներ­կայ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած աշ­խար­հին մէջ, մենք այ­լեւս չենք կրնար ինք­նամ­փոփ ու կղզիա­ցած կեր­պով ապ­րիլ: ­Մենք մաս կը կազ­մենք այն ըն­կե­րու­թեան, ուր կ­՚ապ­րինք եւ այդ ըն­կե­րու­թեան մէջ հա­մալ­րո­ւած ենք: ­Մին­չեւ հի­մա կրցած ենք պա­հել մեր ինք­նու­թիւ­նը ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ չա­փով, սա­կայն հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն այն­քան զօ­րեղ է, ո­րուն դի­մաց չենք կրնար պա­տեր ու ցան­կա­պա­տեր կա­ռու­ցել: Ա­նոնք շու­տով փուլ կու գան, ո­րով­հե­տեւ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հո­սան­քը զօ­րեղ է: ­Փաս­տօ­րէն, հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը թա­փան­ցած է ա­մէն տեղ: Այս կա­ցու­թեան դի­մաց որ­պէս­զի մեր ինք­նու­թիւ­նը կա­րե­նանք պա­հել պէտք է հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած մօ­տե­ցում ու­նե­նանք: ­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը միայն տնտե­սա­կան ե­րե­ւոյթ չէ, ան մշա­կոյթ է, մտա­ծե­լա­կերպ է, կեն­ցա­ղա­կերպ է, գոր­ծե­լա­կերպ է. չենք կրնար այս բո­լո­րէն հե­ռու մնալ. պէտք է ո­րոշ չա­փով հա­մա­կեր­պինք. սա­կայն միա­ժա­մա­նակ մեր ինք­նու­թիւ­նը պէտք է պա­հենք: Ինչ­պէ՞ս կրնանք այս եր­կու­քը ի­րա­րու հետ հաշ­տեց­նել այն­պի­սի ձե­ւով, որ մէկ կող­մէն՝ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մին կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լով, կա­րե­նանք նոր սե­րուն­դը չհե­ռաց­նել մեզ­մէ, եւ միւս կող­մէն՝ մեր ինք­նու­թեան հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րը պա­հել:

Յու­նաս­տա­նի մէջ, հայ ե­րի­տա­սար­դը պի­տի գիտ­նայ, թէ ին­քը յու­նահպա­տակ է, յոյն ըն­կե­րու­թեան մաս կը կազ­մէ, բայց միա­ժա­մա­նակ ին­քը՝ հայ է: Ա­մե­րի­կա­յի մէջ կ­՚ը­սեն ափ­րի­կե­ցի-ա­մե­րի­կա­ցի, սպա­նա­ցի-ա­մե­րի­կա­ցի. ա­մե­րի­կա­ցի ըլ­լա­լը հա­սա­րա­կաց պատ­կա­նե­լիու­թիւն է, բայց այդ հա­սա­րա­կաց պատ­կա­նե­լիու­թեան մէջ, իւ­րա­քան­չիւր խումբ կամ հա­մայնք իր ինք­նու­թիւ­նը ու­նի: ­Մենք այս մօ­տե­ցու­մը պէտք է որ­դեգ­րենք վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:

­Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ա­զատ Օր» օրաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930