Մեզի համար էական խնդիր պէտք է ըլլայ հայերէնի պաշտպանութիւնը: Անընդունելի պէտք է համարել հայերէնի աղճատումը, խեղճացումը, բառապաշարի սահմանափակումը, շարահիւսութեան տեղատուութիւնը, օտարաբանութիւններու որդեգրումը եւ օտար բառերու խճողումով հայերէնի օտարումը: Եթէ սփիւռք(ներ)ի մէջ արեւմտահայերէնի բառապաշարի խեղճացում կայ, նուազում, արեւելահայերէնի մէջ՝ անտեղի եւ անսանձ կերպով հազարաւոր օտար բառերու ներխուժում: Կը կրկնեմ. հազարաւոր: Անոնց համապատասխան հայերէնները ունինք, եթէ երբեմն չունինք անգամ, ինչ պատճառ կայ որ հայ լեզուաբանը, հայերէնի գիտակ անձը, հայերէն արմատներու վրայ նոր բառ չստեղծեն, ինչպէս կ’ընեն ուրիշներ:
Իւրաքանչիւրի քմայքով օտար բառերու վայրագ գործածութեամբ հայերէնը չի հարստանար: Նկարագիր կը փոխէ: Ինչու չըսել նաեւ, որ այդ ընողները իրենք չեն տիրապետեր հայերէնի: Հայերէնը, ինչպէս ֆրանսացին կ’ըսէ, սպանական իջեւան չէ, auberge espagnol, ուր մտնողը եւ ելլողը յայտնի չեն:
Պարզ. հայերէնը պաշտպանութեան պէտք ունի այսօ՛ր, հայերէնի համար անզիջող պայքար պէտք է մղել, պոռալ պետութեան եւ ղեկավարութիւններու պատասխանատուութիւնը: Այսօրուան պատկերի տրամաբանական ընթացքով, հայերէնի անհետացումը անխուսափելի է: Այս պատճառով ալ, հայերէնի լայնածիր պաշտպանութեան քաղաքականութիւն հարկ է մշակել եւ գործադրել: Ազդեցութիւններու առջեւ տեղի տալով, մտաւորական ծուլութեամբ բառամթերք եւ շարահիւսութիւններ կապկելով, կը պատրաստենք լեզուի մահը:
Յ. Պալեան
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում